Անցած գիշեր ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանին արձանագրուած է լարուածութեան աճ, այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը:
Հակառակորդը Դ-44 տիպի հրանօթներէ, ականանետերէ եւ տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմի խախտած է շուրջ 105 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 1500 կրակոց:
Արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան հատուածներուն հակառակորդը աշխոյժօրէն կիրառած է Դ-44 տիպի հրանօթ եւ տարբեր տրամաչափի ականանետեր՝ ընդհանուր առմամբ արձակելով 36 արկ, որմէ 15-ը հրանօթէ, 21-ը ականանետերէ:
Հակառակորդի նախայարձակ աշխոյժութիւնը ճնշելու համար ՊԲ առաջապահ զօրամասերը դիմած են պատասխան գործողութիւններու: