image

Ռուսիոյ օդուժը խոցած է ուքրանական 19 անօդաչու թռչող սարք

Ռուսիոյ օդուժը խոցած է ուքրանական 19 անօդաչու թռչող սարք

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պնդած է, որ գիշերը Ռուսիոյ տարբեր շրջաններու եւ Խրիմի վրայ խոցուած է 19 ուքրանական անօդաչու թռչող սարք եւ մէկ հրթիռ։

Քուրսքի շրջանին մէջ ուքրանական հարուածի հետեւանքով նաւթի պահեստին մէջ հրդեհ բռնկած է: Ռուսական կողմը կը վստահեցնէ, որ զոհեր կամ աւերածութիւններ չկան։

Ուքրանիոյ ռազմածովային ուժերու ներկայացուցիչ Տմիթրի Փլեթենչուքը յայտնած է, որ ռուսական երեք սուզանաւ կը գտնուի Սեւ ծովու մէջ։ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան ուժերը կը վերահսկեն իրավիճակը։

Բրիտանական պաշտպանութեան բանակի զեկոյցին մէջ ալ նշուած է, որ ռուսական զօրքերը կը մօտենան Տոնեցքի մարզի Փոքրովսք քաղաքին եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի շարունակեն իրենց մարտավարական յառաջխաղացումը առաջիկայ շաբաթներուն: «Սակայն անոնց ընդհանուր դաշտային կարողութիւնները կը մնան սահմանափակ»,-ըսուած է զեկոյցին մէջ: