image

Ռուսիա Կը Գիտակցի Ահաբեկչութեան Վտանգը Եւ Յաւելեալ Քայլերու Կը Դիմէ

Ռուսիա   Կը Գիտակցի Ահաբեկչութեան  Վտանգը Եւ Յաւելեալ Քայլերու Կը Դիմէ

 Ռուսիա-(«Ալ Հայաթ»- Լոնտոն)  Ռուսիա  յաւելեալ ուժեր  ուղղարկած է Սուրիա: Այս  մասին   «Կոմսոմոլսքայա Բրավտա»  պարբերականին   ըսած  է  ռուսական բանակի  Զօր. Վիքթոր Պոնտարիֆ: Պոնտարիֆ նաեւ ըսած է, որ նոր առաքուած  ուժերուն մէջ կան   պաշտպանական հրթիռային համակարգեր     Սուրիա  գտնուող   զօրքերուն եւ խարիսխներուն   պաշտպանութեան համար:  Նոյն բանբերը նաեւ հաւաստած է, որ Ռուսիա կը գիտակցի, որ իր   օդանաւերը  կրնան  գրոհներու ենթարկուիլ   եւ առ այդ  յատուկ կանխարգելիչ     քայլերու  կը ձեռնարկէ: Ըստ «Ալ Հայաթ»ին, երէկ միջին արեւելեան ջուրեր հասած  ռուսական նաւատորմին մէջ կան        օդային  համակարգերու պաշտպանութեան յատուկ «ռատարներ»: Նշենք, որ մէկ շաբթուան ընթացքին     երկու տարբեր վայրերու մէջ ռուսական  երկու օդանաւեր   ջախջախուած էին: Հակառակ  անոր, որ      արկածներուն  շուրջ ընթացող հետախուզման  աշխատանքները չեն  աւարտած,  սակայն       օդանաւերուն դէմ   եղած  ահաբեկչական յարձակումներու  վարկածը   շատ մեծ է:  Յիշեցնենք, որ  հարաւային Սուտանի վերեւ   ջախջախուած  բեռնատար  օդանաւի  զոհերուն  5-ը հայեր են: