Ռուսաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը՝ Պետդումայի խօսնակ Վիաչեսլաւ Վոլոտինի գլխաւորութեամբ մէկօրեայ պաշտօնական այցով պիտի ժամանէ Երեւան, կը յայտնէ ռուսական ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:
Պատուիրակութիւնը այցի ծիրէն ներս պիտի հանդիպի ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանին: Կողմերը պիտի քննարկեն երկկողմ խորհրդարանական համագործակցութեան յետագայ զարգացումը, երկկողմ յարաբերութիւններու առանցքային թեմաները»:
«Հայ եւ ռուս պատգամաւորներու ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլան միջխորհրդարանական հարթակներու վրայ, այդ շարքին ՀԱՊԿ, ԱՊՀ, ԵԱՀԿ եւ այլ կազմակերպութիւններու Խորհրդարանական վեհաժողովներուն մէջ համատեղ աշխատանքը», - ըսած է Պետդումայի ներկայացուցիչը:
Պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի ըլլան ՌԴ Պետդումայի երեք յանձնաժողովներու նախագահները. ԱՊՀ եւ եւրասիական միութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Լեոնիտ Կալաշնիկովը, փոխադրամիջոցներու եւ շինարարութեան յանձնաժողովի նախագահ Եւկէնի Մոսկվիեւը, քաղաքացիական հասարակությեան զարգացման, հասարակական եւ կրօնական կազմակերպութիւններու հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Սերկէյ Գաւրիլովը: