Ամերիկեան կառավարութեան խօսնակներէն՝ Պրէտ Մըքճորճ յատուկ համագումարի մը ընթացքին նշած է թէ «Տահէշ» ահաբեչական խմբաւորումին զինեալներուն թիւըՌաքքայի մէջ կը հասնի 2000-ի :
Այս մասին տեղեկութիւն տուած է «Ալ Ժատիտ» կայանը:
Ըստ կայանին՝ բանբերը ըսած է, թէ արդէն մէկ տարի եղած է ամերիկեան կառավարութեան օժանդակութեան՝ քրտական խմբաւորումներուն, որոնք կը պայքարին «Տահէշ»ին դէմ:
Այժմ՝ Ռաքքա քաղաքին մէջ, դաշնակից ուժերը կը պայքարին «Տահէշ»ին դէմ, որուն շնորհիւ, Ռաքքայի քառասուն առ հարիւրը արդէն իսկ ազատագրուած է եւ կը գտնուի դաշնակից ուժերու հսկողութեան տակ է:
Նոյն պաշտօնեան նաեւ ըսած է, որ Տահէշ» կազմակերպութիւնը բոլոր հնարաւորութիւնները պիտի փորձէ որպէսզի մնայ Ռաքքայի մէջ , եւ այդ պատճառաւ, կազմակերպութիւնը մտադիր է գործածել 25000 բնակիչները իբրեւ ՝ «մարդկային վահան» դաշնակիցներու դէմ պայքարելու համար: Բանբերը այս հաւանականութիւնը նշելէ բացի նաեւ ըսած է, որ «Տահէշ» յայտնուած է բաւական ծանր դրութեան մը մէջ ու անոնց քաղաքէն խոյս տալը բաւական դժուար ընտրանք է:
Ան ըսած է. «Չնայած Ռուսաստանի հետ մեր ունեցած քաղաքական լարուածութեան ցարդ մշակուած ռազմական բոլոր ծրագիրները կը շարունակուին բծախնդրօրէն գործադրուիլ»: