Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հետ կապուած վերջին շրջանին լսելի դարձած խօսակցութիւններուն մասին ստոյգ տեղեկութիւններ ստանալու համար «Արեւելք» դիմեց ՌԱԿ ատենապետ Մայք Խարապեանին:
«Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի պաշտօնին իմ թեկնածուութիւնս չեմ վճռած,եւ այդ մասին խօսիլը տակաւին կանուխ է»,- «Արեւելք» ի` կուսակցութեան ատենապետի թեկնածուութեան առաջադրման մասին հարցումին ի պատասխան ըսաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը: Խարապեան նշեց, որ կուսակցութիւնը յառաջիկայ Նոյեմբերին Արժանթինի մէջ պիտի կայացնէ իր պատգամաւորական ժողովը, որուն աւարտին պատգամաւորները պիտի ընտրեն կուսակցութեան բարձրագոյն մարմինը: Խարապեան նաեւ նշեց, որ այս ժողովը տեղի կ'ունենայ երեք տարին անգամ մը եւ անոր մասնակցող շրջանները կը կազմեն մեծամասնութիւն: ՌԱԿ-ի Ատենապետը, պատասխանելով շրջան ընող լուրերուն, թէ նոյն օրերուն կուսակցականներ նոյն տիպի ժողով մը պիտի գումարեն Երեւանի մէջ, ըսաւ . «Նման բան չի կրնար օրինական համարուիլ: Իսկ անոնք, որ կը կարծեն, որ կուսակցութեան գործունէութեան վերաբերեալ մտահոգութիւններ կամ առաջարկներ ունին, կրնան Նոյեմբերին կուսակցութեան բարձրագոյն մամնին հովանաւորութեամբ կայանալիք ժողովին մասնակցիլ»: Ըստ Խարապեանի, որոշ կուսակցականներու Հայաստան ժողով մը գումարելու մտադրութիւնը ոչ մէկ իրաւական հիմք կրնայ հանդիսանալ անոնց համար: Խարապեան նշեց, որ այսօրուան տուեալներով տարբեր շրջաններու պատգամաւորները կը ներկայացնեն կուսակցութեան մեծամասնութիւնը եւ անոնք կը պատրաստուին Արժանթինի մէջ կայանալիք ժողովին: