image
Հրատապ լուրեր:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Լիբանանի մէջ ԱՄՆ դեսպանը մեծարեց «Երախտագիտութեան» Սուրբ Խաչի շքանշանով

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Լիբանանի մէջ ԱՄՆ դեսպանը մեծարեց «Երախտագիտութեան» Սուրբ Խաչի շքանշանով

Վատիկան Նիուզ -Ի գնահատանք Լիբանանի մէջ իր նուիրական աշխատանքին ու ջանքերուն, Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէներու Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան, 25 Յունուար 2023-ին Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան մէջ կայացած յատուկ արարողութեամբ, մեծարեց Լիբանանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպան` Տորոթի Շիան, Անոր շնորհելով «Երախտագիտութեան Սուրբ Խաչ» շքանշանը։

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Պէյրութի Թեմի Պատրիարքական օգնական եպիսկոպոս` Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան, Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, Արամ վրդ. Աբրահամեան, Կարապետ քհն. Թադէոսեան, Ռաֆֆի քհն. Յովհաննէսեան եւ պատրիարքարանի հանրային կապերու պատասխանատու Շարպըլ Պասթուրի։

Այս առիթով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որուն մէջ խորին երախտագիտութիւն յայտնեց մեծարեալին, Անոր քաղաքական, սոցիալական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ «նուիրեալ ծառայութեան եւ ակնառու ներդրումներուն» համար «ի նպաստ Լիբանանի ժողովուրդին»։

«Հակառակ երկրին ապրած դժուար հանգրուաններուն, մենք կը շարունակենք յարգել մեր իւրայատուկ ապրելակերպը, ապահովեցնելով բազմազանութիւնը ու ցանկութիւնը` ապրելու ազատ ու պահպանելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մեր ինքնութիւնը», ըսաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, ակնարկելով նաեւ համայն աշխարհի մէջ ապրուած դժուարութիւններուն, բախումներուն ու մարդկային բարոյական եւ ընկերային արժէքներու կորուստին, որոնց դիմաց սակայն տակաւին կայ յոյս, «քանի դեռ կան ձեզ նման, լաւ, յարգալից, անկեղծ մարդիկ, որոնք իրենք զիրենք կը նուիրեն մարդկութեան առաջընթացի ապահովմանն ուղղուած էական նպատակներու համար» ըսաւ ի միջի այլոց Հայ Կաթողիկէներու Հայրապետը, որ ապա մատնանշեց Դեսպան Շիայի գործունէութեան, «լուծելու համար լիբանանեան դժուարին ու բարդ իրավիճակները», որոնց վրայ հիմնուելով է, որ «մենք ուրախ ենք եւ պատիւն ունինք ձեզի շնորհելու պատրիարքութեան ամենաբարձր շքանշանը՝ «երախտագիտութեան խաչը», ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ, «առ ի երախտագիտութիւն ձեզի եւ ձեր ականաւոր եւ անգերազանցելի անձին», որ «իր ծառայութիւնները մատուցած է, ամենայն խոնարհութեամբ, հաստատակամութեամբ եւ բարի բնաւորութեան ուժով»:

«Աստուծմէ կը հայցեմ, որ այս խաչը ձեզ պաշտպանէ եւ մասնագիտական կեանքին մէջ հասցնէ ընկերային եւ քաղաքական դաշտի ամենաբարձր մակարդակներուն, յանուն մարդասիրական ծառայութեան» աւելցուց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս պատրիարքը, որ խօսքը եզրափակեց. յոյս յայտնելով, որ Դեսպանը չի մոռանայ Լիբանանը եւ յիշէ միշտ նաեւ հայ ժողովուրդը եւ անոր դերակատարութիւնը»։

Խօսք առաւ նաեւ Դեսպան Տորոթի Շիան իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը արտայայտելով իրեն յատկացուած պատիւին համար, հաւաստիացնելով իր յատուկ սէրը Հայ ժողովրդին ու մաղթելով, որ «Լիբանանը առողջանայ եւ երկրին համար նախագահ մը ընտրուի»։

Դեսպանը ապա հաստատեց, թէ Լիբանանը միշտ ներկայ է իր սրտին ու մտքին մէջ ու երկար կեանք մաղթեց Հայ Կաթողիկէներու Հայրապետին՝  որպէսզի Ան «Եկեղեցւոյ նաւը ապահով վայր առաջնորդէ»: