image
Հրատապ լուրեր:

«Քորոնա»ի պատճառով 15 օր փակ մնալէ ետք, Պէյրութը կը վերադառնայ մասամբ բնականոն հունի

«Քորոնա»ի պատճառով  15 օր փակ մնալէ ետք, Պէյրութը կը վերադառնայ մասամբ բնականոն հունի

 Երկու շաբթուան դադարէ ետք Լիբանանն այսօր կը վերադառնայ բնականոն հունի։

 Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ   Լիբանանեան  ԶԼՄ-ներէն:

 

 Անցնող երկու շաբթուան ընթացքին Լիբանանի կառավարութիւնը որոշում կայացուցած էր փակելու ամբողջ երկիրը կանխելու համար «Քորոնա»ի արագ տարածումը։

 

 Ներկայ պահու դրութեամբ Պէյրութի տարածքին գործող կարգ մը  վարժարաններ  15-օրեայ փակումէն ետք վերադարձած են բնականոն դասաւանդութեան։

 Նկատելի է նաեւ, որ քաղաքացիներու կարեւոր մէկ տոկոսը դէմ էր ամբողջական «Լոք Տաուն»ին հաշուի առնելով երկրին մէջ տիրող տնտեսական բարդ վիճակը պայմանաւորուած քաղաքական եւ ընկերային շարք մը գործօններով, որոնք ցայսօր ալ կը շարունակեն մնալ անլուծելի։

 

Յիշեցնենք, որ ներկայիս Լիբանանցիք կը սպասեն վարչապետ Հարիրիի կազմելիք նոր կառավարական դահլիճի կազմութեան, որ տարբեր պատճառներով կը շարունակէ ուշանալ։