image

Քրիս Պոհճալեանի Նոր Հատորը Ներկայացուեցաւ ԱՄՆ-ի Սէյնթ Լուիս Քաղաքին Մէջ

Քրիս Պոհճալեանի  Նոր Հատորը Ներկայացուեցաւ   ԱՄՆ-ի Սէյնթ Լուիս Քաղաքին Մէջ

 Քրիս Պոհճալեանի նոր հատորը ներկայացուած է ԱՄՆ-ի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք «Արեւելք»ի    աղբիւրէն, որ  նաեւ հաղորդց, թէ Երեքշաբթի, 12 Յունուար, 2016-ին, ԱՄՆի Սէյնթ Լուիս քաղաքի հարաւային արուարձաններէն Սէյնթ Լուիս Քաունթիի հանրային գրադարանին մէջ, գրասէր հանրութեան հոծ ներկայութեամբ ելոյթ ունեցած է   անգլիագիր  ծանօթ գրող, Քրիս Պոհճալեան, ներկայացնելով  իր նոր հեղինակած՝ «Հիւրին Սեկեակը» գիրքը (The Guest Room) վէպը: Հեղինակը  խօսելէ ետք  վէպի ընդհանուր մթնոլորտին մասին, կատարած է զանազան հատուածներէ ընթերցում: Ապա  ներկաներուն առիթ տրուած է շնորհաւորել հեղինակը եւ  ստանալ  գրքին մակագրութիւնը: Նշենք, որ  Պոհճալեան  հեղինակ է աւելի քան 15  հատորներու ու անոր վերջընթեր «Աւազէ ամրոցի աղջիկները»  հատորը  թարգմանուած է արեւելեահայրէնի:  Լուսանկարը ՝ «Արեւելք»ի: