Քրեմլը հետաքրքրութեամբ կը սպասէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի բանակցութիւններու արդիւնքներուն, որոնք պիտի կայանան 7 յուլիսին Իսթանպուլի մէջ։ Այս մասին յայտարարած է Քրեմլի պաշտօնական ներկայացուցիչ Տմիթրի Փեսքովը, գրած է iz.ru-ն:
«Ի հարկէ, մենք շատ ուշադիր պիտի հետեւինք բանակցութիւններու արդիւնքներուն, մենք կը պահպանենք մեր կառուցողական, գործընկերային յարաբերութիւնները Անգարայի հետ։ Մենք թանկ կը գնահատենք այդ յարաբերութիւնները եւ փոխադարձ վերաբերմունք կը զգանք թրքական կողմէն։ Ուստի, ի հարկէ, մեզի համար հետաքրքիր կ'ըլլայ պարզել, թէ ինչ պիտի քննարկուի պարոն Էրտողանի եւ պարոն Զելենսքիի միջեւ»,- ճեպազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղարը։
Ինչպէս նշած է Փեսքով, Թուրքիոյ ղեկավարը բազմիցս մեծ ջանքեր գործադրած է Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը լուծելու համար՝ կատարելով միջնորդի դեր։ Եւ այդ միշտ բարձր գնահատուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Խօսելով Էրտողանի եւ ռուս գործընկերոջ միջեւ հետագայ հանդիպման հնարաւորութեան մասին՝ Քրեմլի խօսնակը չէ բացառած այդ։