Հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանն ու կատակերգու Փիթ Տէյվիտսընը բաժանուած են: Այս մասին յայտնած է Eonline-ը՝ վկայակոչելով զոյգին մօտ կանգնած աղբիւրները։
Աստղերը որոշած են բաժանուիլ լուռ ու ընկերներ մնալ։ Աղբիւրը յայտնած է, որ զոյգը դեռ «մեծ սէր եւ յարգանք ունի իրար հանդէպ», սակայն երկար հեռաւորութիւնն ու զբաղուածութիւնը «կը դժուարացնեն յարաբերութիւններ պահպանելը»: Պարբերականի տեղեկութիւններով՝ Քարտաշեանն ու Տէյվիտսընը բաժանուած են այս շաբաթ։
2021 թուականի փետրվարուն ձեռնարկատէր Քիմ Քարդաշեանը դիմած է Քանյէ Ուեսթէն ամուսնալուծուելու համար։ Աւելի ուշ լուրեր տարածուեցան, որ ռափըրը կնոջը դաւաճանած է յայտնի երգչուհիի հետ, որու անունը չէ նշուած։ Նոյեմբերին յայտնի դարձաւ, որ Քարտաշեանը կը հանդիպի «Saturday Night Live»-ի աստղ Փիթ Տէյվիտսընի հետ։