Փոշի ազգ կոչեց մեզ: Եւ երբ փոշին քաշուեցաւ թաղէն, Թէքէեան մնաց այն շոճին, որ իր սաղարթախիտ թեւերուն տակ կը պահէ բոլոր անոնք որ երիտասարդ են, տարիքով ըլլայ թէ այլապէս: Բանաստեղծը սիրեց երիտասարդութիւնը: Սիրեց անոնց ներկայութիւնը: Բայց գարնանային հեղեղները հեռացան դէպի դաշտերը յղի, անոնք փնտռեցին խոնարհ ուռենին եւ գգուանքը անոր առկախ վարսերուն: Թէքէեան սպասեց ակնկոր՝ սրճարանին խորը: Արժանաւորը եկաւ քսուիլ իր սեղանին, անարժանին հետ: Քիչեր միայն գիտցան թէ, իր մռայլ եւ անհաղորդ արտայայտութեան տակ՝ որքա՜ն զգայուն սիրտ մը կը կրէր այդ անզուգական Հայը, որ մեզի հետ թափառեցաւ երկար գիշերներ, Սէն Միշէլէն մինչեւ Մոնփառնաս կամ թէ Սէնի երկայնքին, որ իր խոհական միտքերը զուգակշռեց զուարճաբանութեամբ, եւ որ գրեց ինքն իր մասին,- «Սա հոգին ծեր տղու...»: Մենք գաղթականներ էինք: Բանաստեղծը աքսորուած էր կրկնապէս: Իր հայրենիքը որոշել կարելի չէր, անորոշութենէն դուրս, որ կը կոչուի այլուր: Պուրժուայի իր ուշադիր հոգածութիւնը (ռամկավարը պուրժուա է ըստ աւանդութեան) կը շեշտէր իր այլուրութիւնը եւ իրեն կ'արժէր մակդիր մը՝ «Կոճկուած մարդ»: Սահմանում՝ որ զուրկ է ամէն իմաստէ եթէ չի նշանակեր հաւատարմութիւն հանդէպ կեանքի ուղեգիծի մը: Լաւագոյն է ըսել՝ բարոյականի մը: Իր գէ՛շ պաշտպանուած կեանքը, պանդոկէ սրճարան, զինքը կը յանձնէր խառնակ ընկերութեան մը անստգութեան, անկարելի հանդիպումներու ձախողած թատերախաղին, որոնց դէմ կը գոցուէր բանաստեղծը. «Ի՜նչպէս կ'ուզէք որ չչարանայ բանաստեղծը, կ'ըսէր Պօտլէռ Հանրի Հայնէի մասին, ի՜նչպէս կ'ուզէք՝ երբ ան նշաւակ է անարգ էակներու մերձաւորութեան եւ անոնց սլաքին»:
Շահան Շահնուր
«Բաց Տոմարը»