Պէյրութի բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին հակառակ անոր, որ քաղաքացիական աքթիւիսթները յայտարարած են իրենց հաւաքին աւարտին մասին: Ցուցարարներուն մէկ փոքր հատուածը աղբ վառելով եւ վարչապետարանին շուրջ եղող փշաթելերը հանելով կը փորձէ միաւորներ շահիլ: Այդ ցուցարարները նաեւ մտադիր են նոր իրավիճակ պարտադրել հասնելով ներկայ կառավարութեան հրաժարումի պահանջին: Գետինը կը մնայ ծայր աստիճան լարուած: Բոլորը գիտեն, որ յատկապէս այս հանգրուանին վարչապետ Սալամի կառավարութեան հրաժարական տալը «արգիլուած» է: Այո՛ արգիլուած է այն «տէրերուն» կողմէ, որոնք նախօրօք նշանակած էին այս կառավարութիւնը, որպէսզի երկիրը «պահպանուի» նախագահի մը բացակայութեան օրերուն: Այս բոլոր մեթոտները ձեւական չեն: Անոնք կարեւոր պատգամներ կ'ուղղեն իր սաղմէն նոր դուրս գալ փորձող քաղաքացիական շարժումներուն: Աքթիւիսթները, որոնք վեհ ու բարի լոզունքներով փողոց կ'իջնեն ինչպէս միշտ այս անգամ ալ ցոյց կու տան, որ պատրաստ չեն մինչեւ վերջ երթալու իրենց պահանջներուն համար: Ոչ միայն անոր համար, որ կը սոսկան այլ նաեւ գիտեն, որ այլընտրանք չունին: Անոնք կը մոռնան, որ երկիրը անօրինութեան մատնելը, ոչ միայն արգիլուած է այլ նաեւ կը մոռնան, որ իրենք եւս ճանապարհային քարտէս մը չունին: Այս բոլորէն անդին անոնք մոռացութեան կու տան, որ երկրի մը մէջ տարիներու կուտակուած «քաղաքական աղբ»ը սոսկ վսեմ լոզունքներով եւ բարի գաղափարներով չի մաքրուիր:Վեհ գաղափարներու ժամանակը անցած է մանաւանդ Լիբանանի մէջ, ուր մնաց երբ խօսքը կը վերաբերի քաղաքական աղբի մը մասին, որմէ կը սնուին Լիբանանի քաղաքական բոլոր կողմերը առանց բացառութեան: