Լիբանան- Քաղաքացիներ հաւաքուած աղբերը կրակի տալով փակած են Պէյրութի գլխաւոր թաղամասերու մայրուղիները: Փակուած են յատկապէս Վէրտանի եւ Համրայի ճանապարհները: Ապահովական ուժեր կարելի բոլոր միջոցներով յաջողած են ուշ ժամերուն վերաբանալ ճամբաները: Քաղաքացիները կը բողոքեն կառավարութեան կողմէ աղբահանութեան խնդրի լուծման նոր հրապարկուած ծրագրին դէմ զայն համարելով վնասակար: