image

Պոլսոյ մէջ. համայնքներու ներկայացուցիչները դարձեալ Իֆթարի հիւր

Պոլսոյ մէջ. համայնքներու ներկայացուցիչները դարձեալ Իֆթարի հիւր

Պոլսոյ մէջ, օրերս, փոքրամասնական բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչները մասնակից դարձած են Թուրքիոյ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի առաջին մասնաճիւղի տնօրէն Եաւուզ Կիւնէրնի կողմէ  սարքուած «Իֆթար»ի  աւանդական սեղանին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ռամազանի շրջանի Իֆթարի ճաշկերոյթները կը շարունակէն նոյն սեղանի ու հասարակաց արժէքներու շուրջ համախմբել նաեւ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչները։

Երէկ, 13 Մարտի երեկոյեան, Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան Իսթանպուլի առաջին մասնաճիւղի տնօրէն Եաւուզ Կիւնէրն է որ իֆթարի ճաշկերոյթ սարքեց, քաղաքի պատմական «Պինպիրտիրէք սառնըճը»ի խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ։

Փոքրամասնական բոլոր համայնքները ընթացք տուած էին հրաւէրին եւ կը մասնակցէին նոյնիսկ ո՛չ թէ մէկ, այլ քանի մը ներկայացուցիչներով։ «Մեր սեղաններուն առատութիւն, իսկ սիրտերուն՝ գութ ղրկեցէք» կարգախօսի ներքեւ, մասնակիցները լսեցին Եաւուզ Կիւնէրի ելոյթը, ուր հնչող պատգամները կը կեդրոնանային համերաշխութեան, լայնախոհութեան ու միասնութեան գաղափարներու շուրջ։

Կ'արժէ յիշեցնել որ 6րդ դարով թուագրուած այս ջրամբարը 16 շարքի վրայ 224 մարմարեայ սիւներ ունեցող կառոյց մը եղած է, ներկայիս պահպանուած են 212 սիւներ։