image
Հրատապ լուրեր:

Պնդումները թէ Սի Ծինփինն անձամբ նախազգուշացուցած է Ռուսիոյ նախագահը միջուկային զէնք օգտագործելէ, յօրինուած են. Փեսքով

Պնդումները թէ Սի Ծինփինն անձամբ նախազգուշացուցած է Ռուսիոյ նախագահը միջուկային զէնք օգտագործելէ, յօրինուած են. Փեսքով

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն ըսած է, որ պնդումներն առ այն, թէ Չինաստանի առաջնորդ Սի Ծինփինն անձամբ նախազգուշացուցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը Ուքրանիոյ մէջ միջուկային զէնք օգտագործելէ, յօրինուած են։

Աւելի վաղ նման տեղեկութիւն հրապարակած էր Financial Times-ը՝ յղում ընելով Քրեմլինին, Չինաստանի եւ արեւմտեան երկրներու աղբիւրներուն։

«Ոչ, ես չեմ կրնար այդ հաստատել: Ես կրնամ միայն ձեզի ըսել, որ Չինաստանի ղեկավար Սիին Մոսկուա կատարած այս կարեւոր այցի ընթացքին շատ տեղեկութիւններ տրամադրուած են, եղած են յայտարարութիւններ մամուլի համար։ Բանակցութիւններու էութիւնը յստակ շարադրուած էր համատեղ յայտարարութեան մէջ։ Հետեւաբար, շատ տեղեկութիւններ տրուած են։ Իսկ մնացած ամէն ինչ յօրինուած է»,-ըսած է Փեսքով՝ ի պատասխան այդ տեղեկութիւնը հաստատելու կամ հերքելու խնդրանքին:

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Չինաստանի առաջնորդ Սի Ծինփինը նախազգուշացուցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Ուքրանիոյ մէջ միջուկային յարձակման հարցով: Այս մասին գրած է հեղինակաւոր Financial Times-ը՝ յղում ընելով Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեային, չինացի նախկին պաշտօնեային եւ Քրեմլինի մօտ կանգնած աղբիւրներուն:

Financial Times-ը գրած էր, որ Փութինին ուղղուած Սիի նախազգուշացումները յոյս կու տան, որ Չինաստան, այնուամենայնիւ, դէմ է միջուկային հարուածին:

Չինացի նախկին պաշտօնեան Financial Times-ին հաստատած է, որ Սին անձամբ ըսած է Փութինին չօգտագործել միջուկային զէնք՝ նշելով, որ Չինաստանի դիրքորոշումն ընդդէմ ատոնց կիրառման ներառուած է Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան վերաբերեալ իր դիրքորոշման փաստաթուղթին մէջ: