image

Փորթուկալը Հայաստանի Մէջ Արդէն Ունի Իր Պատուոյ Հիւպատոսը

Փորթուկալը Հայաստանի Մէջ Արդէն Ունի Իր Պատուոյ Հիւպատոսը

Փորթուկալի կառավարութիւնը Հայաստանի մէջ պատուոյ հիւպատոս նշանակած է երեւանաբնակ լիբանանահայ Սամուէլ Սամուէլեանը: Այս կապակցութեամբ Փորթուկալի Լիզպոն քաղաքին մէջ գործող «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամը յուսադրուած է համագործակցելու Սամուէլեանի հետ՝ փոխադարձ շահ ներկայացնող նախաձեռնութիւններու կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Փորթուկալի կապերը ուժեղացնելու ուղղութեամբ:

Նշենք, որ վերջին տարիներուն Հայաստան ներգաղթած Սամուէլ Սամուէլեանը որդին է Լիբանանի կեդրոնական դրամատան նախկին փոխկառավարիչներէն՝ Յարութիւն Սամուէլեանին:

 

Նիւթի աղբիւր՝ hayernaysor.am