image

Փրոֆ. Էն Գարակէօզեան UCLA-ի Փոխտնօրէն Կը Նշանակուի

Փրոֆ. Էն Գարակէօզեան UCLA-ի Փոխտնօրէն Կը Նշանակուի

Լոս Անճելըսի  (UCLA)  համալսարանի մասնաճիւղի տնօրէնութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ համալսարանի երկարամեայ դասախօսներէն փրոֆ. Էն Գարակէօզեան, նշանակուած է Ուսումնասիրական հարցերու ժամանակաւոր փոխտնօրէն։ Փրոֆ. Էն Գարակէօզեան 1982-էն ի վեր անդամ է համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժանմունքի անձնակազմին, ինչպէս նաեւ համալսարանի ուժանիւթային ուսումնասիրութեանց տարրալուծարանի ղեկավարն է եւ համալսարանին ու Միացեալ Նահանգներու օդուժին միացեալ մէկ ծրագիրը հանդիսացող Օդանաւային գիտութեանց համագործակցական կեդրոնի վարիչը։ Համալսարանէն ներս  շարք մը այլ պաշտօններ ստանձնած Գարակէօզեան նաեւ համալսարանէն դուրս ստանձնած է  պաշտօններ, որոնց շարքին  Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հոգաբարձուի պաշտօնը։ Դոկտ. Էն Գարակէօզեան աւարտած է Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ճարտարագիտութեան բաժանմունքը ու մասնագիտացած է Գալիֆորնիոյ ճարտարագիտութեան հիմնարկին մէջ։

Նիւթի աղբիւրը ՝ «Ասպարէզ»: