Եւկենի Փրիկոժինի դէմ յարուցուած քրէական գործը պիտի կարճուի, ան պիտի մեկնի Պելառուսիա: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։
Թէ ինչով պիտի զբաղի Փրիկոժին Պելառուսիոյ մէջ, ան մանրամասնութիւններ չէ յայտնած։
Ինչպէս նշած է Փեսքով, Փրիկոժինի հետ կապուած իրավիճակը կարգաւորուած է առանց հետագայ կորուստներու եւ առանց լարուածութեան մակարդակի բարձրացման։
««Վակներ» մասնաւոր ռազմական կազմակերպութեան պատրաստակամ քանի մը մարտիկներ պայմանագիրներ պիտի կնքեն պաշտպանութեան նախարարութեան հետ», - ըսած է Փեսքով։
Այս պարագային խօսքը միայն անոնց մասին է, որոնք չեն մասնակցած այս օրուան գործողութիւններուն։