image

Փետրուար 24-25-ին օդի ջերմաստիճանը պիտի բարձրանայ 10-15 աստիճանով

Փետրուար 24-25-ին օդի ջերմաստիճանը պիտի բարձրանայ 10-15 աստիճանով

Փետրուար 24-էն սկսեալ Հայաստան պիտի ներթափանցեն Եգիպտոսէն եկող հարաւային տաք օդային հոսանքներ: Այս մասին, դիմատետրի իր էջին գրած է ՀՀ ԱԻՆ Հիդրոմետ ծառայութեան օդերեւութաբանութեան կեդրոնի պետ Գագիկ Սուրէնեան:

«Ինչպէս եւ խոստացած էինք կը մօտենայ երկար սպասուած գարունը: Փետրուար 24-25 երկարող ժամանակահատուածին հանրապետութեան ամբողջ տարածքին օդի ջերմաստիճանը պիտի բարձրանայ 10-15 աստիճանով, որուն իբրեւ արդիւնք՝ օդի մէջ պիտի զգացուի գարնան շունչը»,- նշած է ան:

Ցերեկային ժամերուն հանրապետութեան ամբողջ տարածքին պիտի արձանագրուի դրական ջերմաստիճան: Սուրէնեանի հաւաստիացումով՝ Տաւուշի եւ Սիւնիքի Հովիտներուն մէջ ջերմաստիճանը ցերեկը պիտի հասնի +12…+15, իսկ Արարատեան դաշտի եւ Երեւանի մէջ` +5… +6 աստիճանի:

Հանրապետութեան տարածքին Փետրուար 20-24 կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: