ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը հարցազրոյց տուած է «5-րդ ալիք»-ին: Անդրադարձած է պատերազմի սանձազերծման, դիւանագիտական հարցերուն, խօսած հետագայ ընելիքներու մասին:
Քոչարեանի հարցազրոյցին մէջ հնչած որոշ մեղադրանքներուն անդրադարձած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Ան հանդէս եկած է հեռուստաուղերձով՝ արձագանգելով դիւանագիտական հարթակի վրայ ձախողման մեղադրանքներուն։ Վարչապետի խօսքով՝ իրենք ոչ թէ դիւանագիտութեան մէջ ձախողած են, այլ՝ վերջին 20-25 տարուան դիւանագիտական ձախողումներու բեռի տակէն դուրս գալու փորձերը։
Տեսանիւթերը՝ «Շանթ» հեռուստակայանէն