image

Փարիզ. Մեծ Թիւով Քաղաքացիներու Ճակատագիրը Կը Շարունակէ Մնալ Անյայտ

Փարիզ. Մեծ Թիւով Քաղաքացիներու  Ճակատագիրը  Կը Շարունակէ Մնալ Անյայտ

 Փարիզը  ծանրօրէն հարուածած  ահաբեկչութեան  հետեւանքով անյայտ կորսուածներու շարքին է հայուհի մը ՝ Լոլա Ուզունեան: Ֆրանսայի մեր աղբիւրներէն քաղելով տեղեկութիւնը, յաւելենք, որ Լոլան ու անոր հայրը   դէպքի օրը  ներկայ եղած են    «Պաթակլան» սրահին մէջ, ուր  տեղի կ'ունենար համերգ մը: Կը հաղորդուի, որ անոր հայրը   յաջողած է տուն վերադառնալ, սակայն Լոլայի ճակատագիրը մինչեւ այս պահը կը շարունակէ մնալ  անյայտ:  «Արեւելք»  այս առումով կապ հաստատեց  Փարիզի Ազգային Առաջնորդարանի     դիւանապետ Տիար Գրիգոր Դաւիթեանին հետ, որ այս մասին  խօսելով ըսաւ, թէ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ    բաւական խառն: Դաւիթեան  նաեւ յայտնեց, որ տասնեակ քաղաքացիներ կը շարունակեն հիւանդանոցէ-հիւանդանոց  այցելել  փնտռելու համար    իրենց հարազատները եւ քիչ չէ թիւը այն քաղաքացիներուն, որոնց ճակատագիրը կը մնայ անյայտ: