image

Պէյրութի Երէկուան Բախումներուն Մէկ Զոհ Գրանցուած. Այսօրուան Ցոյցերը Յետաձգուեցան

Պէյրութի  Երէկուան Բախումներուն Մէկ Զոհ Գրանցուած. Այսօրուան Ցոյցերը Յետաձգուեցան

Լիբանան-   Աղբահանութեան  հարցին լուծման համար կազմուած   քաղաքացիական  խմբաւորումը   ջնջեց այսօր տեղի ունենալիք  բողոքի ցոյցը:  Այս մասին  տեղեկութիւնը փոխանցեց  խմբաւորման    Ֆէյսպուքեան էջը, ուր նաեւ գրուած է, թէ խմբաւորումը այսօր յետմիժօրէին մամլոյ  ասուլիս  պիտի տայ:   Հաղորդուեցաւ նաեւ,  որ  երէկ     ծանրօրէն վիրաւորուած քաղաքացին   մահացած է: Ան  փամփուշտներ ստացած էր գլուխէն: Մայրաքաղաքի իրավիճակը  կը վերադառնայ  իր նախկին կայունութեան: Ըստ փորձագէտ Սամի Նատէրի երէկ  գիշեր   մայրաքաղաքին  պարզած   իրավիճակը   բաւական  մտահոգիչ է եւ անոր մէջ քաղաքական  որոշ պատգամներ կան: Փորձագէտը նաեւ ըսած է, որ    ինք  ականատես եղած է հանրային   վայրերու  եւ խանութներու դէմ գրանցուած  խուլիկանութեան: