Լիբանան- Մինչ քաղաքացիական խմաբւորումները կը պատրաստուին յառաջիկայ 9 Սեպտեմբերին բողոքի մեծ ցոյց մը կատարել, անդին խորհրդարանի նախագահին կողմէ երկխօսութեան նիստ կայացնելու օրակարգը կը մնայ հրատապ: Այս առումով խորհրդարանի նախագահը այսօր յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով յայտնած է, թէ եթէ «Լիբանանեան ուժեր»էն բացի որեւէ քաղաքական ուժ յայտարարէ նիստերուն մասնակցութիւն չբերելու իր որոշումին մասին ապա ինք պատրաստ է տեղի ունենալիք նիստը յետայձգել: Ուշագրաւ է վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտեցումը, վարչապետը իր վերջին խօսքով յայտնած է, թէ երկիրը կրնայ բարդ իրավիճակներու հասնիլ եթէ քաղաքական բոլոր կողմերը չհասկնան պահի լրջութիւնը եւ չնստին երկխօսութեան սեղանին: Իր կարգին աքթիւիսթներու բողոքի ցոյցերուն ջատագով կանգնած գործիչ եւ նախկին նախարար Շարպէլ Նահաս յայտնած է, որ երկրի քաղաքական վերնախաւը սպառած է եւ երկխօսութիւն կատարելու անոնց բոլոր փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան: Նահաս նաեւ ըսած է, որ երկիրը քաղաքական այս անել վիճակէն դուրս հանելու միակ ճանապարհը խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ կայացնելն է: Ըստ Նահասի յառաջիկայ Չորեքշաբթի օր կարեւոր քննութեան օր է եւ կառավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան համար: