image
Հրատապ լուրեր:

Պաշտօնապէս Բացումը Կատարուեցաւ Պիքֆայայի 86 -րդ Ուսումնական Տարեշրջանին

Պաշտօնապէս Բացումը Կատարուեցաւ Պիքֆայայի  86 -րդ Ուսումնական Տարեշրջանին

Երկուշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ներկայութեամբ միաբան հայրերու եւ ուսուցիչներու, պաշտօնական հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ Դպրեվանքի 86-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանին։ Այս առիթով, դպրեվանեցիներ ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին կարդացուեցաւ Աստուածաշնչական հատուած, երգուեցան օրուան խորհուրդը պատմող շարականներ եւ երգեր ու արտասանուեցան աղօթաշունչ բանաստեղծութիւններ։ Ապա, Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան ընթերցեց իր Տեսչական խօսքը, յայտնելով թէ՝ Դպրեվանքի մեր ուսանողներուն հոգեկան աճում ու իմացական զարգացում տալը, Դպրեվանքի Տեսչութեան անդրանիկ պարտաւորութիւնն է։ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հսկողութեամբ անգամ մը եւս մեր առջեւ կը բացուի տարի մը, որ վստահաբար մեր սաներուն ջանքերով պիտի ըլլայ նուաճումներով ու զարգացումներով լեցուն»։

 

Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով իր արտասանած պատգամին մէջ ընդգծեց. «Դպրեվանքը սովորական դպրոց չէ, այլ սրբազան կառոյց։ Ան եղած է եւ կը մնայ հայ Սփիւռքին մարդուժ հայթայթող նուիրական կեդրոն։ Որքա՜ն սերունդներ՝ հոգեւորական թէ աշխարհական, իմացապէս ու հոգեպէս լեցուեցան Դպրեվանքին մէջ եւ իրենց ծառայութեան ճամբով իրենք զիրենք գերազանցեցին։ Դպրեվանքը յատուկ առաքելութիւն մը ունի, որ լաւագոյնս արտայայտուած կը գտնենք իր քայլերգին՝ «կրօնի հուրն եւ ազգի սէրն» բառերուն մէջ, այլ խօսքով Դպրեվանքին մէջ հաւատքն ու բանականութիւնը, եկեղեցականն ու ազգայինը ընդելուզուած են իրարու։ Մեր սերունդները այս ոգիով կը կերտուին Դպրեվանքէն ներս, երթալու համար մեր ժողովուրդին, իրենց անձնդիր առաքելութիւնը իրագործելու համար»։ Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խօսքը ըսաւ դպրեվանեցիներուն. «Դուք ընտրեալներ էք, այս գիտակցութեամբ ձեր կեանքը պէտք է հարստացնէք՝ եկեղեցական կեանքով, քրիստոնէական սկզբունքներով, մեր Թարգմանիչ Վարդապետներուն շունչով և հոգեմտաւոր արժէքներով։ Այս իմաստով, դպրեվանքեան ձեր օրերը լաւագոյնս պէտք է օգտագործէք, ձեր առօրեան լեցնելով՝ աղօթքով ու ընթերցանութեամբ»։

 

Աւարտին Արամ Ա. Կաթողիկոս գնահատեց Դպրեվանքի Տեսուչին, Տեսչութեան անդամներուն եւ ուսուցչական կազմին կատարած աշխատանքը, յաջողութիւն մաղթեց անոնց, եւ հրաւիրեց որ նոյն բծախնդրութեամբ շարունակեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը։

 

* * *

Օր մը առաջ, Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Դպրեվանքի 86-րդ կրթական տարեշրջանի բացման առիթով, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան։

Հայր Սուրբը քարոզեց «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ իմանալ զբանս հանճարոյ» Աստուածաշնչական համարին լոյսին տակ։ Ան ըսաւ. «Թարգմանչաց յիշատակումին ընդմէջէն մենք այսօր կը պանծացնենք Ս. Գիրքի տօնը։ Աստուածաշունչը հայերէն թարգմանելու նպատակով, Աստուած տեսլապաշտ հոգեւորականի մը ճամբով «Այբ ու Բեն»ը տուաւ հայ ժողովուրդին։ Իսկ Թարգմանչաց սերունդները, Աստուածաշունչին ընդմէջէն զԱստուած ալ հայերէնի թարգմանեցին ու ամբողջ երկինքը հայացուցին։ Ահա թէ ինչու հայերէն լեզուին իւրաքանչիւր տառը մասունք է, իւրաքանչիւր բառը՝ սրբութիւն եւ անոր իւրաքանչիւր նախադասութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ կոչուած է աղօթք դառնալու»։ Ապա Տեսուչ Հայր Սուրբը իր խօսքը Դպրեվանեցիներուն ուղղելով ըսաւ. «Թարգմանչաց սերունդները այսօր կը հրաւիրեն ձեզի, որ դուք դառնաք Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ գիրի ու դպրութեան նուիրեալ մշակներ։ Մարդու սով կայ այսօր աշխարհի տարածքին, դուք Դպրեվանքին մէջ կը պատրաստուիք մեր ժողովուրդի զաւակները լիացնելու կենաց հացով ու կեանքի ջուրով»։ Հայր Սուրբը իր քարոզը եզրակացուց ըսելով. «Միշտ գիտցէք, որ մեր ժողովուրդը ձեր մէջ ամէն բանէ առաջ Աստուծոյ մարդը կ’ուզէ տեսնել»։

Յայտնենք, որ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեանին։