image

Պաղտատի Կառավարութիւնը Կ'օգնէ Ազատուհի Սամուէլին

Պաղտատի   Կառավարութիւնը  Կ'օգնէ  Ազատուհի Սամուէլին

Պաղտատի կառավարութիւնը     յատուկ  հոգատարութիւն ցոյց կու տայ Իրաք  ապրող հայ դերասանուհի  Ազատուհի Սամուելին:  Այս մասին  «Արեւելք»-ին յայտնեց  դերասանուհիի ազգականը: Մեր  աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Սամուէլ, որ  կ'ապրի  Պաղտատի  «Ղատիր» շրջանին մէջ,  առողջական խնդիրներ  ունի:

Նշենք, որ աւելի վաղ,  «Արեւելք»,   արաբական «Ալ Ախպար»  օրաթերթէն  քաղելով իր տեղեկութիւնները, ահազանգած էր  Սամուէլի  առողջական ծանր  իրավիճակին մասին: Ազատուհի Սամուէլ  յայտնի անուն է   Իրաքի թատերական շրջանակներուն  համար,    ան  երկար տարիներ    ծառայած է իրաքեան  թատրոնին: