image

«Նորմա» փոթորիկը անդամալուծած է Լիբանանը. Կարգ մը հայկական վարժարաններ կը փակեն իրենց դռները

«Նորմա» փոթորիկը անդամալուծած է Լիբանանը. Կարգ մը հայկական վարժարաններ կը փակեն իրենց դռները

Անցնող 48 ժամերէն ի վեր Լիբանանը հարուածող «Նորմա» փոթորիկը անդամալուծած է ամբողջ երկիրը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ VDL կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ երկրի յատկապէս լեռնային հիմնական ճանապարհները աննախընթաց ձիւնաթափի հետեւանքով կը մնան փակ:

Երկրի պետական եւ համայնքային վարժարանները, ինչպէս երէկ, այսօր եւս, փակ պիտի պահեն իրենց դռները:

Ինչ կը վերաբերի հայկական վարժարաններուն «Արեւելք» Պէյրութի իր աղբիւրէն իմացաւ, որ կարգ մը հայկական վարժարաններ նոյնպէս յայտարարութեամբ հանդէս գալով, նախընտրած են այսօր եւս փակ պահել իրենց դռները: