Երեւանի մէջ հայերենով լոյս տեսած է թուրքագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Ռուբէն Մելքոնեանի եւ թուրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Աբրահամեանի «Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիայի Հանրապետութեան բռնի իսլամացման քաղաքականութիւնը հայերի նկատմամբ որպէս ցեղասպանական արարք» գիրքը (Երեւան, ՎՄՎ-Փրինթ հրատարակչութիւն, 2015, 328 էջ), որու հրատարակութեան երաշխաւորած է Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան ֆաքուլթեթի գիտական խորհուրդը:
Աշխատութեան մէջ կը ներկայացուի թուրքական պետական քաղաքականութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը` ոչ իսլամ ազգերու բռնի կրօնափոխութիւնը, որ տարբեր դարերու ընթացքին կիրառուած է նաեւ հայերու նկատմամբ: Սոյն քաղաքականութիւնը յատկապէս աքթիւ դրսեւորուած է Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն, ինչի հետեւանքով բռնի իսլամացման ենթարկուած են հազարաւոր հայեր:
Գիրքին մէջ կը բացայայտուի բռնի կրօնափոխութեան մեթոտներն ու թիրախային խումբերը: Հայերու բռնի իսլամացման խնդիրը կը դիտարկուի ցեղասպանութիւն յանցագործութեան միջազգայնօրէն ընդունուած սահմանման համաթեքսթի մէջ, որու համաձայն՝ կրօնափոխութեան միջոցաւ որեւէ ազգի բռնի ուծացումը ցեղասպանական արարք է:
http://akung.net/