image

New York Times Պատմական նախադէպ... «Հըզպալլա» հիւսիսային բնակավայրերը վերածած է «արգիլուած գօտիի»

New York Times  Պատմական նախադէպ... «Հըզպալլա» հիւսիսային բնակավայրերը վերածած է «արգիլուած գօտիի»

 

Աղբիւրը մէջբերած է իսրայէլցի այգեպաններէն մէկու՝ Էյտան Տավիտիի (53 տարեկան) խօսքերը, որ « «Հըզպալլա»ի «Ռատուան» ջոկատի  անդամները մեզի կը հետեւին սահմանային ցանկապատէն այն կողմ, անոնք կ՚ուսումնասիրեն ողջ հասարակութիւնը, մեր առօրեան եւ մեր աշխատավայրը: Անոնք գիտեն, թէ ես երբ կու գամ եւ երբ կ՚երթամ, անոնք գիտեն նոյնիսկ, թէ քանի երեխայ ունիմ»։

Դիմադրութեան գործողութիւնները յանգեցուցած են մօտ 100,000 իսրայէլացի վերաբնակներու արտաքսման իրենց տուներէն, ինչը ստիպած է հիւսիսի տեղական իշխանութիւններու ղեկավարները կորսնցնել իրենց համբերութիւնը. անոնք յայտարարած են, որ «իրենց տրուած խոստումները արձանագրուած եղած են սառոյցի վրայ»։

 Լուրը համադրեց ՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր՝  «Ալ Մայատին»

New York Times  Պատմական նախադէպ... «Հըզպալլա» հիւսիսային բնակավայրերը վերածած է «արգիլուած գօտիի»

Ամերիկեան New York Times թերթը հաստատած է, որ հիւսիսային իսրայէլեան բնակավայրերը, որոնք կը գտնուին Լիբանանի հետ սահմանին, ամայացած են, իսկ Իսրայէլի կառավարութիւնը փաստացի յաղթանակ պարգեւած է «Հըզպալլա»ին։Ամերիկեան The New York Times թերթը  յայտնած է, որ աւելի քան 60,000 իսրայէլացի վերաբնակիչներ, որոնք կ՚ապրին Լիբանանի հետ հիւսիսային սահմանի երկայնքով, հրաման ստացած են  հեռանալու  իրենց բնակարաններէն, եւ սա «Իսրայէլի պատմութեան մէջ առաջին զանգուածային տարհանումն է»:

Պարբերականը նշած է, որ Լիբանանէն արձակուած հակաթանկային հրթիռները վնասած են տասնեակ վերաբնակներու տուներ, իսկ այն վերաբնակիչները, որոնք հրաժարած էին տարհանուիլ, գիշերը կը խուսափին լոյսերը վառելէ՝ տեսանելի թիրախ չդառնալու համար։

 

Օրաթերթը նաեւ մատնանշած է, որ «հիւսիսային բնակավայրերը դարձած են ամայացած եւ անոնց մուտքը փաստացի արգիլուած է, իսկ իսրայէլեան ռազմական անցակէտերը նոյնպէս կը խոչընդոտեն մուտքը սահմանէն մէկ կամ աւելի քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող բնակավայրեր»:

Միւս կողմէ, թերթը մատնանշած է, որ վերաբնակիչները կը քննադատեն Իսրայէլի կառավարութիւնը՝ տարհանման հրամաններուն վերաբերեալ, եւ անոնցմէ ոմանք կ՛ըսեն, թէ կառավարութիւնը «թուլութիւն դրսեւորեց եւ «Հըզպալլա»ին փաստացի յաղթանակ շնորհեց»։

Իսրայէլեան «Քարյեաթ Շմոնա»ի մէջ, որու բնակչութեան թիւը կը հասնի 24,000-ի մնացած է ընդամէնը մօտ 1500 մարդ, մինչդեռ մնացածը բաշխուած  են  220 հիւրանոցներու մէջ: Քաղաքին մէջ փակ են դրամատուներն ու առեւտուրի կեդրոնները, եւ կայ միայն մէկ փոքր ճաշարան, որ զինուորներուն շաուրմա եւ ֆալաֆել կը մատուցէ։

Ինչ կը վերաբերի «Երկաթեայ գմբեթ»ի արդիւնաւէտութեան՝ «Հըզպալլա»ի ռմբակոծութիւններուն եւ հրթիռներուն դիմակայելու առումով, ամերիկեան  թերթը նշած է, որ «Երկաթեայ գմբեթ»ը «Հըզպալլա»ի արձակած բոլոր հրթիռները չի կրնար որսալ, եւ Իսրայէլ արագ պատասխանի միջոցներ չունի՝ խելացի եւ ճշգրիտ զէնքերու դիմաց, որոնք կը թռչին գետնէն ցած եւ կը հարուածեն թիրախները վայրկեաններու ընթացքին, առանց նախազգուշացման:

Պարբերականը աւելցուցած է, որ նոյնիսկ անցեալի ամենավատ մարտերուն  ժամանակ, Իսրայէլ երբեք պաշտօնապէս չէ տարհանած սահմանամերձ բնակավայրերը։

Աղբիւրը մէջբերած է իսրայէլցի այգեպաններէն մէկու՝ Էյտան Տավիտիի (53 տարեկան) խօսքերը, որ « «Հըզպալլա»ի «Ռատուան» ջոկատի  անդամները մեզի կը հետեւին սահմանային ցանկապատէն այն կողմ, անոնք կ՚ուսումնասիրեն ողջ հասարակութիւնը, մեր առօրեան եւ մեր աշխատավայրը: Անոնք գիտեն, թէ ես երբ կու գամ եւ երբ կ՚երթամ, անոնք գիտեն նոյնիսկ, թէ քանի երեխայ ունիմ»։

Դիմադրութեան գործողութիւնները յանգեցուցած են մօտ 100,000 իսրայէլացի վերաբնակներու արտաքսման իրենց տուներէն, ինչը ստիպած է հիւսիսի տեղական իշխանութիւններու ղեկավարները կորսնցնել իրենց համբերութիւնը. անոնք յայտարարած են, որ «իրենց տրուած խոստումները արձանագրուած եղած են սառոյցի վրայ»։

Օրերս Վերին Կալիլիայի (Ալ-Ժալիլ) խորհուրդի ղեկավար Կիորա Զալցը իսրայէլեան «FM103» ռատիոյին տուած իր հարցազրոյցին մէջ նախազգուշացուցած է «հիւսիսի մէջ ճգնաժամիՆ  մասին, որ կրնայ շարունակուիլ երկար տարիներ», քննադատելով Իսրայէլի կառավարութեան՝ Լիբանանի հետ ճակատ բանալու գործողութիւնները։

 

Զալցն ընդգծած է, որ « «Հըզպալլա»ն ամենազօրաւոր, ամենամեծ եւ ամենավտանգաւոր մարտահրաւէրն է», եւ դիմելով իսրայէլացի պաշտօնեաներուն, ըսած է «Այդ իսկ պատճառով, դուք չէք կրնար հիւսիսին վերաբերիլ որպէս պատերազմի կողմնակի հարթակ»: