Նախագահ Սերժ Սարգսեան 9 հոկտեմբերին աշխատանքային այցով պիտ մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ մասնակցելու Նիւ Եորքի մէջ 10 հոկտեմբերին մեկնարկող «Հայաստան» ներդրումային համաժողովին:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը, համաժողովին հրաւիրուած են տնտեսութեան տարբեր ոլորտներ ներկայացնող առաջատար ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, փորձագէտներ, միջազգային ֆինանսական կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ շուրջ հարիւր միջազգային ներդրողներ:
Այցի ծիրէն ներս կը նախատեսուի նաեւ Հանրապետութեան Նախագահի երկկողմ հանդիպումներ: