Ֆրանսա կ'ողջունէ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան համապարփակ եւ զօրաւոր գործընկերութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու աւարտը: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ բանակցութիւնները աւարտած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ 8-9 մարտին Ֆրանսա կատարելիք պաշտօնական այցէն քանի մը օր առաջ:
«Այս համաձայնագիրը կ'արձագանքէ 2014-ի մայիսին Հայաստանի նախագահի յայտարարութեան՝ Եւրոմիութեան հետ կապերը ամրապնդելու ցանկութեան մասին: Համաձայնագիրը պիտի ամրացնէ քաղաքական երկխօսութիւնը Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ՝ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան վերաբերեալ: Ան պիտի աշխուժացնէ համագործակցութիւնը ուժանիւթի, փոխադրութեան եւ բնապահպանութեան ոլորտներէն ներս, ինչպէս նաեւ նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ առեւտուրի եւ ներդրումներու համար», - ըսուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: