Թուրքիա- Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականի հիմնադիր Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբաններէն Հաքան Պաքըրճըօղլու բողոք ներկայացուցած է 24 պետական ծառայողի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցնելու մասին Թուրքիոյ դատախազութեան որոշման դէմ: Այս մասին կը գրէ թրքական «Միլլիյէթ»ը, որ նաեւ կը յայտնէ, թէ բողոքի դիմումը ներկայացուած է Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութեան:Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ դատախազութիւնը «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատով՝ պաշտօնի չարաշահման մէջ մեղադրուող 43 պետական ծառայողի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցնելու որոշում տուած էր։Այս 24 պետական ծառայողներու կարգին են Թուրքիոյ ազգային հետախուզական կազմակերպութեան (ՄԻԹ) ծառայակից Օզել Եըլմազ եւ Էրկուն Կիւնկէոր, որ պոլսահայ լրագրողի սպանութեան ժամանակ եղած է Պոլսոյ նահանգապետի օգնականը: Ըստ Տինք ընտանիքի փաստաբանին՝ Եըլմազ պատասխանատու է Տինքի սպանութիւնը չկանխելու, իսկ Կիւնկէոր, ինչպէս նաեւ այդ շրջանին մէջ Պոլսոյ նահանգապետ Մուամմեր Կիւլէր պատասխանատու են Տինքի անվտանգութիւնը չապահովելնուն համար: