«Յառաջիկայ ընտրութիւններուն եւս որպէս հայ թեկնածու իմ մասնակցութիւնս պիտի բերեմ եւ ընտրուելու յոյսերս աւելի մեծ պիտի ըլլան» «Արեւելք»ին յայտնեց HDP կուսակցութեան հայազգի անդամ Մուրատ Մըխճի: Մըխճի, որ անցնող 7 Յունիսի ընտրութիւններու Պոլսոյ ցանկէն մասնակցած էր ընտրութիւններուն նաեւ ըսաւ, որ եթէ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող զինուորական գործողութիւնները այս ընթացքով շարունակուին ապա երկիրը կրնայ պատերազմական իրավիճակի մատնուիլ: Մըխճի նաեւ ըսաւ, որ չի բացառուիր, որ եթէ իրավիճակը այսպէս մնայ յառաջիկայ 1 Նոյեմբերին նախատեսուած ընտրութիւնները յետաձգուին: Ան մտավախութիւն յայտնեց, որ Էրտողանի իշխող AKP կուսակցութիւնը ընտրութիւնները կեղծէ, որպէսզի յաջողի խորհրդարարանին (Միլլի Մէջլիս- Խմբ.՝ «Արեւելք») մէջ բացառձակ մեծամասնութեան տիրանալ: Խօսելով HDP-ի ստանալիք հաւանական քուէներու թիւին մասին ան ըսաւ «HDP-ին քուէ նետողները համոզումով ըրին իրենց ընտրութիւնը եւ վստահ եմ, որ վերջին ընտրութիւններուն մեր ստացած քուէները նոյնը պիտի մնան եւ շատ հաւանական է որ աւելնան»: Մըխճի նաեւ նկատել տուաւ, որ գալիք ընտրութիւններուն Սուրիա գտնուող քուէարկողներու կարեւոր զանգուած մը ապահովական իրավիճակին հետեւանքով չկրնայ Թուրքիա հասնիլ եւ իր քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարել: Ան տեղեկացուց, որ անցնող օրերուն HDP–ի կեդրոններուն վրայ թուրք ազգայնականներ յարձակումներ կատարած են: Այս առումով ան ըսաւ «Իշխանութիւնը կը փորձէ ամէն գնով HDP-ն պատերազմական ճակատ մղել բայց մեր որոշումը այս առումով շատ յստակ է եւ մենք վճռած ենք մեր աշխատանքները շարունակել միայն քաղաքական գետնի վրայ»: Մըխճի նկատել տուաւ, որ այսօրուան դրութեամբ քիչ չէ թիւը այն քաղաքացիներուն, որոնք կը դատապարտեն զինուորական բոլոր տեսակի գործողութիւնները: Խօսելով AKP-էն զատ Թուրքիոյ միւս երկու մեծագոյն կուսակցութիւններուն (MHP, JHP)մասին Մըհջի նկատել տուաւ, որ յատկապէս JHP կուսակցութիւնը շուարած վիճակ մը ունի եւ այս խօսքին մեծագոյն ապացոյցը կառավարութեան մէջ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ զինուորական միջամտութիւն տալու մասին իրենց դրական որոշումն էր: Անդրադառնալով Թուրքիոյ եւ յատկապէս Պոլսոյ մէջ գտնուող հայերու անվտանգութեան թեմային Մըխճի յիշեցուց, որ հայերը Թուրքիոյ մէջ միշտ ալ վտանգուած եղած են եւ այս հանգրուանին այդ վտանգը քիչ մը աւելցած է: «Վտանգը միշտ կայ: Յատկապէս հայերուս համար այդ վտանգը միշտ եղած է: Լաւ գիտէք մեր անցած ճամբան եւ պատմութիւնը: Հրանդի խնդիրը տակաւին երէկ եղաւ ու մենք չենք մոռցած ատիկա: Բայց այս օրերուն այդ վտանգը քիչ մը աւելի մեծցած է». եզրակացուց HDP կուսակցութեան հայազգի անդամ եւ Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Պոլսոյ շրջանի թեկնածու ՝ Մուրատ Մըխճի: