image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուայի մէջ ձերբակալուած է հայազգի Մարկ Մանուկեանը

Մոսկուայի մէջ ձերբակալուած է հայազգի Մարկ Մանուկեանը

Ռուսիոյ մայրաքաղաք՝ Մոսկուայի մէջ բերման ենթարկուած է «Օպորոնէներկօ» բաժնետիրական ընկերութեան տեղեկատուական արհեստագիտութեանց բաժնի նախկին պետ Մարկ Մանուկեանը, յայտնած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:

Մանուկեան ձերբակալուած է ընկերութեան գոյքի յափշտակութեան դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս։ Անոր նաեւ մեղադրանք ներկայացուած է անփութութիւն դրսեւորելու համար: Տղամարդուն կը սպառնայ կամ տուգանք, ուղղիչ աշխատանքներ կամ կալանք։ 

Մեղադրեալն ընդունած է իր մեղքը եւ հետաքննութեան հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած: Մանուկեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է որոշակի գործողութիւններ կատարելու արգելքը:

Այլ մանրամասնութիւններ առայժմ չեն հաղորդուած։