Մոսկուայի քաղաքապետ Սերգէյ Սոպեանինը յայտարարած է, որ հակաահաբեկչական գործողութեան ռեժիմի ներդրման հետ կապուած բոլոր սահմանափակումները հանուած են։
Ռուսիոյ Դաշնութեան Ազգային հակաահաբեկչական կոմիտէն հաստատած է, որ Մոսկուայի եւ Մոսկուայի մարզին մէջ չեղարկուած է հակաահաբեկչական գործողութեան իրաւական ռեժիմը, գրած է kommersant.ru-ն:
Սահմանափակումները մտցուած էին այն ժամանակ, երբ 23 յունիսի երեկոյեան Եւկենի Փրիկոժինը «արդարութեան երթ» մեկնարկած էր դէպի Մոսկուա, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները որակած էին որպէս զինուած ապստամբութիւն:Իրավիճակը հնարաւոր եղած է կարգաւորել 24 յունիսի գիշերը։ Ընկերութեան մարտիկները վերադարձած են դաշտային ճամբարներ։ Եւկենի Փրիկոժինը պէտք է մեկնի Պելառուսիս: Ռուսիոյ իշխանութիւնները պարտաւորուած են դադրեցնել Եւկենի Փրիկոժինի դէմ յարուցուած քրէական գործը եւ քրէական հետապնդում չիրականացնել ապստամբութեան մասնակիցներու նկատմամբ: