Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ.Բաբգէն արք. Չարեան ներկայ գտնուած է Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի հանդէսին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Գանատայի Թեմի դիմատետրեան պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ այդ մասին ներկայացուած լրատւութիւնը։
Կիրակի, 19 Մայիս 2024-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան նախագահեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի ամավերջի հանդէսը։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին Քրիստոնէական Դաստիրակութեան Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանը եւ Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Տիկին Աննա Պուլկարեանը։
Հանդիսութեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր պատգամը։
«Կիրակնօրեայ Դպրոցը այն օճախն է, ուր հայ մանուկը կը թրծուի կրօնական եւ ազգային արժէքներով։ Այսօրուան աշակերտները վաղուան օգնականներն ու ուսուցիչներն են։ Կեցցէ՛ կիրակնօրեայ դպրոցները, որ այսպիսի սերունդներ կը պատրաստեն», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։