image
Հրատապ լուրեր:

Մոնթէ Մելքոնեանի ընտանիքը դիմած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին

Մոնթէ Մելքոնեանի ընտանիքը դիմած է նախագահ  Սերժ Սարգսեանին

Մոնթէ Մելքոնեանի ընտանիքը   բաց նամակ  մը յղած է ՀՀ  նախագահին  պահանջելով  ազատ արձակել  Ալեք Ենիգոմշեանը.

 

«Յարգելի պրն. Սերժ Սարգսեան,

Խորին մտահոգութեամբ մենք տեղեկացանք, որ 27 յուլիսին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ձերբակալած է մեծ հայրենասէր Արա Ալեք Ենիգոմշեանին։ Պրն. Ենիգոմշեանը տասնամեակներ շարունակ ներգրաւուած եղած է Հայաստանի մէջ բարեգործական աշխատանքներուն մէջ եւ ամէն ինչ ըրած է երկրի բարելաւման համար, երկրի, որ ան կը սիրէ ամէն ինչէ աւելի։

Ան իր կեանքը նուիրած է Հայաստանի բարօրութեան համար,  եղած է Ձեր նախկին զինակից ընկեր, Ազգային հերոս՝ Մոնթէ Մելքոնեանի ամենամօտ եւ վստահելի ընկերներէն մէկը։

Հակառակ հայրենասիրական գործողութիւններու ժամանակ ֆիզիքապէս տուժելուն՝ Ալեքը կը շարունակէ աշխատիլ Հայաստանը լաւ դարձնելու համար։

Պրն. Եինգոմշեանը իւրայատուկ հայրենասէր մարդ է, բարեխիղճ է եւ ընդգրկուած է երկրի բարելաւման համար ուղղուած քաղաքացիական բանավէճերուն, օրինական, խաղաղ աշխատանքներու մէջ։

Մենք շատերու հետ միասին կը բարձրացնենք մեր ձայնը եւ կը խնդրենք, որ ան անմիջապէս ազատ արձակուի ոստիկանական բանտարկութենէն։

Յարգանքներով՝

Մաիլէ Մելքոնեան
Մարկար Մելքոնեան
Մարսիա Մելքոնեան»: