image
Հրատապ լուրեր:

Մերձաւոր Արեւելքի հայ երիտասարդութիւնը դէպի ո՞ւր (Տեսանիւթ)

 Մերձաւոր Արեւելքի  հայ  երիտասարդութիւնը դէպի ո՞ւր  (Տեսանիւթ)

Մեր հայրենակիցը կը խօսի հարազատութիւն մը կորսնցուցածի դիրքերէն ու անոր բողոքն ու «ցաւ»ը պէտք է ամէն գնով հաշուի առնել։ 

Թէ  ի՞նչ  հունով պիտի ընթանան զարգացումները  տակաւին պարզ չէ, սակայն փաստ է արդէն, որ այսօր Մերձաւոր Արեւելքի հայկական գաղութները կը կորսնցնեն իրենց  ամէնէն  թանկ պարունակները, եւ այդ  գոհար- գործիքները կը կոչուին  մէկ անունով՝ հայ  երիտասարդութիւն։

Նորութիւն մը չէ այն քննարկումը, որուն հիմնական առանցքը կը դառնայ մէկ կէտի շուրջ։ Ի վերջոյ մնա՞լ Լիբանանի մէջ թէ հեռանալ դէպի օտար ափեր։ 

 Ի դէպ այս թեման մեծ տարածում եւ քննարկման թեմա սկսաւ դառնալ թուականէն սկսեալ, երբ մեր բոլորին համար սիրելի երկիր եւ մեզմէ շատերուն համար ծննդավայր հանդիսացող Լիբանանի մէջ տնտեսական տագնապը հասաւ անտանելի իրավիճակներու...։ Ու այդ բոլորին հետեւանքով ալ սկիզբ առաւ դէպի արտասահման գաղթի նոր ընթացք մը, որուն հիմնական «թռչուններ»ը երիտասարդներն էին...։

 Երեւոյթը մտահոգիչ էր անշուշտ, մանաւանդ որ նոր թարմ աւիշի բացակայութիւնը կրնար շատ ծանր հետեւանքներ ունենալ բոլոր ճակատներուն վրայ կռիւ տուող գաղութին եւ գաղութի ղեկավարութեան համար։

 Ինչ խօսք կար այդ երեւոյթը եւ ինչքան դրականօրէն արտայայտուինք, կամ դրական շեշտերով ներկայացնել փորձենք իրավիճակները, մէկ է արտագաղթը կը շարունակուի ու հաւանաբար դեռ ալ պիտի շարունակուի։

 

 Մնալ, թէ հեռանալ... Լիբանանահայ Նժդեհ Պոտրումեանի գրառումը հին-նոր վէճ մը հրապարակ կը հանէ 

 Այս բոլորէն անդին համաժողովրդային ընկալումներուն մէջ խոցելի երեւոյթ համարուող արտագաղթելու երեւոյթը կը շարունակէ համարուիլ թիրախ այն խաւերուն համար, որոնք վճռած են ամէն գնով շարունակել իրենց կեանքը Լիբանանի մէջ։

 Ի դէպ այս թեման օրերէ ի վեր բուռն քննարկումներու առիթ կը հանդիսանար, որովհետեւ Լիբանանի ծնունդ՝ Նժդեհ Պոտրումեան անունով Գանատա արտագաղթած հայ երիտասարդը իր դիմաետրեան էջով շնորհակալութեան խօսք ըսած էր զինք «հիւրընկալող» Գանատայի մասին։

 Նժդեհ ի տես իրեն ուղղուած քննադատութիւններուն այս անգամ տեսանիւթ մը կը հրապարակէր ու ներկայացնէր այն բոլոր հանգամանքները, որոնց հիմքով ալ ան շնորհակալութեան խօսք ուղղած էր Գանատային։

 Ան նաեւ «սուր» նիզակներ կ՚ուղղէր բոլոր անոնց հասցէին, որոնք քննադատած էին, մեղադրած էին իրեն ըսած, որ «դուն մեզի ծախեցիր»։

 

 «Արեւելք» թեման կը ներկայացնէ իր ընթերցողներուն առիթ տալով հասկնալու, թէ ինչ քննարկումներ տեղի կ՚ունենան այս հին-նոր թեմային վերաբերեալ, որուն հիմնական գաղտնաբառը կը կրէ «Լիբանանէն հեռանալ կամ մնալ» ընդհանուր վերնագիրը։

 

 Բարդ է հարցումը ու աւելի բարդ է Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը ու այս առումով ալ աւելի քան յստակ է, որ գաղութի հաստատութենական կառոյցները, որոնք երկար տարիներու հիմքեր եւ արմատներ ունին, իրենց ղեկավար մարմիններով այսօր նոյնպէս կանգնած է բարդ հարցումներու առջեւ։

 Խնդիրը միայն մարտահրաւէրը չէ, խնդիրը ընդհանուր ծրագիր մը չունենալն է, եւ այդ առումով ալ այս գիրը մեղադրական շեշտ մը ունենալ չի միտիր, որովհետեւ այն արեւելումը, կամ այն ուղղութիւնները, որոնք միտուած էինք Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը ինչ որ կերպով մը փրկելու, այսօր բոլոր առումներով դարձած են խոցելի։

 Տխուր է Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան վիճակը, անորոշութեան մէջ են Հայաստանն ու Արցախը ու այս բոլորէն անդին կարծէք փրկութեան միակ լաստը ու ցաւ ի սիրտ  կը շարունակէ մնալ Արեւմուտքը ...։

 

 Իրականութիւններ կան, որոնք չպէտք է անտեսուին ու ձայներ կան, որոնց ականջ տալ է պէտք ու այդ ձայներէն մին է Նժդեհ Պոտրումեանը։

 Մեր հայրենակիցը կը խօսի հարազատութիւն մը կորսնցուցածի դիրքերէն ու անոր բողոքն ու «ցաւ»ը պէտք է ամէն գնով հաշուի առնել։ 

   Թէ  ի՞նչ  հունով պիտի ընթանան  զարգացումները  տակաւին պարզ չէ,   սակայն փաստ է արդէն, որ այսօր Մերձաւոր Արեւելքի հայկական   գաղութները կը կորսնցնեն իրենց  ամէնէն  թանկ   պարունակները, եւ այդ  գոհար- գործիքները կը կոչուին  մէկ անունով՝ հայ  երիտասարդութիւն։