image
Հրատապ լուրեր:

Մէկ տարուայ մէջ 90 միլիոն տոլարի պարգեւավճար

Մէկ տարուայ մէջ 90 միլիոն տոլարի պարգեւավճար

Կադաստրի կոմիտէի նախկին ղեկավար Սարհատ Պետրոսեան դիմատետրեան իր էջին անդրադարձած է 2022 թուականի ընթացքին տրուած պարգեւավճարներուն ու գրած, որ մէկ տարուայ համար պարգեւավճարներու գումարով Կառավարութիւնը կրնայ բոլոր յենակէտերը կահաւորել այնպէս, որ անոնք ըլլան պաշտպանուած։

Ան, մասնաւորապէս, գրած է.

«Մօտ 90 մլն տոլարի պարգեւավճար միայն այս տարի...

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանը 900-ից մի քիչ աւել քլիոմեթր է, եթէ մենք 300 մեթրը մէկ մի հատ նորմալ երկաթբետոնէ դիտակէտ դնենք ու ամէն մէկի համար ծախսենք 30 հազար տոլար (որը շատ ճոխ եմ ասում դեռ), ապա մէկ տարուայ պարգեւավճարով կարող ենք մեր բոլոր յենակէտերն այնպէս կահաւորել, որ լինեն սուփեր պաշտպանուած։ Դա կ'արժէնայ 81 մլն տոլար...»։