Աւստրիա- Աւստրիոյ մէջ ոստիկաններ մարդատար կառքի մը մէջ 50 դիակներ յայտնաբերուած են: Կը հաղորդուի, որ դիակները կը պատկանին սուրիացի գաղթականներու: Տեղի ոստիկանութեան փոխանցումով կառքը կը պատկանի Սլովաքիական թռչնաբուծական ընկերութեան մը: Կը կարծուի, որ դիակները Լիպիոյ ափերուն մօտ նաւաբեկուած նաւին մէջ եղող գաղթականներու դիակներ են: Ապօրինի կերպով Եւրոպա հասնող Սուրիացի գաղթականներուն թիւը վերջին շրջանին բարձրացած է: Գերմանիոյ կառավարութիւնը պալքանեան երկիրներուն նիւթական յատկացումներ պիտի կատարէ գաղթականներուն օժանդակութեան համար: