image

Մանրամասնութիւններ Տահէշի «Մայրաքաղաք» Համարուած Ռաքքա Քաղաքի Առօրեային Մասին

Մանրամասնութիւններ Տահէշի «Մայրաքաղաք»  Համարուած  Ռաքքա  Քաղաքի Առօրեային Մասին

Ամերիկեան «The Foreign Policy» ամսագիրը հրապարակած է յօդուած մը, որ պատրաստուած էր երկար բացակայութենէ ետք, ծպտեալ ձեւով իր քաղաքը վերադարձած  Մարուան Հիշամ կեղծանունով սուրիացիին կողմէ եւ  յատկացուած  է Տահէշի   «մայրաքաղաք»  համարուող Ռաքքային:

Յօդուածագիրը  կը գրէ, թէ   Ռաքքան  լեցուն է  երկար  մօրուք ունեցող    Տահէշի զինեալներով, որոնք մի քանի մակարդակներու  կը բաժնունին:  Անոնց մէկ մասը     վերցուցած է   Ռաքքայի բնակիչներուն  Տահէշի «Շարիհաթ»ը սորվեցնելու գործին:

Մզկիթներուն մէջ   ընթացող  կրօնական դասընթացքները   դարձած են կեանքի պարտադիր  օրէնսգիրք եւ քաղաքացիները   պարտադրուած են     «Շարիհաթ»ը սորվիլ՝  փրկելու համար իրենց կեանքերը: Առաջին բանը, որով կը սկսի ռաքքացիներու օրը, իսլամական ուսմունքի դասերուն հետեւիլն է, որ կը մատուցուի սալաֆիստներու    եւ տեղի կ'ունենայ  մզկիթներէն ներս:

Ներկաները, որոնց մեծ մասը պատանիներ են, կը մաքառին  իրենց ընտանիքներու    հաց եւ ուտելիք ապահովելու համար, շատ գրաւիչ կը գտնեն «խալիֆայութեան կորիւններ»ու շարքերուն  միանալը: Քիչ մը աւելի մեծերը, որոնք կը շարունակեն դասերուն հետեւիլ, իսլամական պետութենէն վճարագիր կը ստանան՝ չորս հարիւր տոլար արժողութեամբ: Յօդուածին մէջ կը նշուի նաեւ, որ կազմակերպութեան կողմէ դասերու մասնակցութիւնը պատժամիջոց դարձած է, Աստծոյ կամքին հակառակ գործողներուն համար, ինչպէս օրինակ ծխողներուն, կամ անոնց, որոնք իրենց խանութները չեն փակեր աղօթքի ժամերուն:

Յօդուածը կը  նշէ, որ պատիժի  սրութիւնը կարծես մեծաւ մասամբ կախեալ է զայն գործադրողին   քմահաճոյքէն: Պատիժ  կիրառողը շատ յաճախ   կը զրկէ իր «ուսանողները»      խոստացուած 400  ամերիկեան տոլարէն ,  որպէս  հատուցում  անոնց  ծխելուն , կամ իրենց կիները   տունէն  գլխաբաց  դուրս գալու  արտօնութեան համար:

Ինչ կը վերաբերի քաղաքին մէջ բնակչութեան, յօդուածագիրը  կը գրէ, թէ կազմակերպութեան անդամները տիրացած են բոլոր Ռաքքայէն գաղթողներու տուներուն, եւ վերաբնակեցուցած են զանոնք օտարազգի զինեալներով եւ անոնց ընտանիքներով: Կը նշուի նաեւ, թէ ինչպէս յայտնի է, ժամանակին արաբները Ռաքքայի մէջ կ'ապրէին քիւրտերու հետ կողք-կողքի, սակայն կազմակերպութիւնը ստիպած էր քիւրտերուն հեռանալ իրենց տուներէն եւ անցնիլ մօտակայ տարածքները, խոստանալով  պահպանել իրենց սեփականութիւնը, սակայն  այդ խոստումները չեն յարգուած:

Յօդուածին մէջ    նաեւ կը գրուի  այն մասին, թէ  կազմակերպութիւնը նոր բնակիչներ  հաւաքագրելու  միտումով, փորձած է օգտագործել փախստականներու ճգնաժամը, եւ տեսաֆիլմեր արձանագրած է, ուր կոչ կ'ուղղէ սիւննի իսլամներուն վերադառնալ: Ֆիլմին մէջ  իրար կողքի կը ցուցադրուին   մէկ կողմէն Ռաքքայի բնութեան գեղեցկութիւնը , իսկ միւս կողմէն փախստականներու ճգնաժամի եւ ծովուն մէջ խեղդուողներու ողբերգութիւնը, ազդելու համար վերջիններուս վրայ:

«The Foreign Policy»ի  յօդուածը  նաեւ ցոյց  կու տայ, որ կազմակերպութիւնը աշխատած է ամէն կերպ Ռաքքան մեկուսացնել աշխարհէն, արգիլած է համացանցը, բջիջային հեռախօսները  եւ  փակել տուած է սրճարանները: 

                            Օդային յարձակումներ 

Ռաքքայի կեանքի այլ դրեսւորումներէն մէկն ալ  բնակչութեան  կրած տառապանքն է, օդուժի կողմէ հասցուած հարուածումներու  հետեւանքով, որ կ'իրականացուէր  միջազգային դաշինքի  պետութիւններու  կործանիչներով: Մասնաւորապէս   ֆրանսական օդանաւներու կողմէ  տրուած  հարուածներուն  հետեւանքով Եփրատ գետի կամուրջի ոչնչացումը  աւելիով ծանրացուցած էր քաղաքացիական բնակչութեան տառապանքները:Կը նշուի նաեւ, որ Ռաքքայի մէջ գտնուող  ամէն ինչ օդանաւերու թիրախ դարձած է, քանի որ Իսլամական պետութեան  տարրերը ամենուր կը գտնուին, սակայն ռումբերուն պայթումէն ետք, մարդիկ  դարձեալ իրենց առօրեայ գործերուն կ'անցնին: