image

Մահացած է Եգիպտացի Լրագրող Մուհամմէտ Հասանէյն Հէյքալը

Մահացած է Եգիպտացի Լրագրող Մուհամմէտ Հասանէյն Հէյքալը

20-րդ դարու ամենայայտնի արաբ եւ եգիպտացի լրագրող Մուհամէտ Հասանէյն Հէյքալ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, կնքեց իր մահկանացուն՝ 93 տարեկան հասակին: Հէյքալ եղած է Ժամալ Ապտ Ալ-Նասէրի խորհրդատուն եւ եգիպտական «Ալ-Ահրամ» թերթի երկարամեայ գլխաւոր տնօրէն խմբագիրը: Ան մեծապէս նպաստած էր եգիպտական քաղաքականութեան ձեւակերպման՝ թագաւորի Ֆարուքի օրերէն մինչեւ ներկայ ժամանակները:
Եղած է «Շարք Աուսաթի» լրատուական գործակալութեան խմբագրի տեղակալ: Նկատուած է արաբական աշխարհի ամենահռչակաւոր քաղաքական քննադատներէն մէկը: Հանդիպումներ ունեցած է աշխարհի ամենահռչակաւոր քաղաքական դէմքերուն հետ, եւրոպական, ամերիկեան, արաբական աշխարհի պատկանող, ինչպէս նաեւ սովետական միութեան Կոմկուսի քաղաքական գրասենեակի առաջին քարտուղարներու հետ, որոնց մասին անդրադարձած է իր հատորներուն մէջ: Ունի հսկայ արտադրութիւններ Ծոցի պատերազմի, իսրայելա-արաբական գաղտնի համաձայնութիւններուն վերաբերեալ: Հէյքալ իր ծննդավայրի մէջ հիմնադրած էր արխիւային մեծ գրադարան մը, որ արգասիքն էր իր երկարամեայ աշխատասիրութիւններուն, որը անյայտ պատճառներով հրո ճարակ դարձաւ, մեծ յուսախաբութեան մատնելով հանգուցեալը եւ ընդհանրապէս՝ արաբ մտաւորականութիւնը: