Լիբանան- Լիբանանի քաղաքական գետինը դարձեալ լարումներու հանգրուան մը կրնայ մուտք գործել: Այսպէս մինչ աղբի բողոքի հաւաք կատարող շարժումի անդամները կը պատրաստուին վաղը ՝ Շաբաթ օր բողոքի նոր ալիք մը ստեղծել անդին «Ազգային ազատ հոսանք»ի առաջնորդ երեսփոխան Միշէլ Աուն մամլոյ ասուլիս մը տալով իր համակիրներէն եւ կուսակիցներէն պահանջեց պատրաստուիլ յառաջիկայ Ուրբաթ օր կայացուելիք բողոքի ցոյցերուն: Աուն Միշէլ նաեւ ըսաւ, որ իրենք կողմ են անցնող օրերուն երկրին մէջ տեղի ունեցած բողոքի հաւաքներուն նկատել տալով, որ ցուցարարներուն բոլոր պահանջները արդար են: Ան առաջարկեց երկրի նախագահը համաժողովրդային քուէարկութեամբ ընտրել եթէ քաղաքական ուժերը պատրաստ չեն երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու: Քրիստոնեայ ղեկավարները աղբի հարցով բողոքի ցոյցեր կատարող երիտասարդներէն պահանջեց իրենց վերադարձնել երկրին մէջ առկայ կաշառակերութեան եւ փտածութեան երեւոյթներուն դէմ բարձրացուած լոզունքները ըսելով, որ այդ լոզունքները կը պատկանին իր հոսանքին: