image

Լիբանանցի լրագրողուհին իր զաւակը անուանած է՝ Րաֆֆի (Լուսանկար)

Լիբանանցի լրագրողուհին իր զաւակը անուանած է՝ Րաֆֆի (Լուսանկար)

Լիբանանցի հանրահայտ լրագրողուհի Ռանիմ Ապու Խզամ իր որդւոյն անունը կոչած է Րաֆֆի։

 

 sԱյս մասին լուրը տարածած են լիբանանեան աղբիւրներ յայտնելով, որ Ռանիմի ծննդաբերութիւնը տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Շատեր ենթադրած են, որ լրագրողուհիին ամուսինը հայ հայրենակից մըն է, սակայն պարզուած է, որ Պարուք շրջանէն արմատներ ունեցող Ռանիմի ամուսինը կը կոչուի Ռապիհ Ապու Ալուան։

Եւ այսպէս մէկ ընտանիքի յարկին տակ ունեցանք Րէ տառերը կրող անուններ՝ Ռանիմ, Ռապիհ եւ ամենաուշագրաւը անշուշտ՝ Րաֆֆի։