image

Լիբանանցի Երիտասարդը Մասնակից` Ճիվան Աւետիսեանի «Վերջին Բնակիչը» Ֆիլմի Պատրաստման Աշխատանքներուն

Լիբանանցի Երիտասարդը Մասնակից` Ճիվան Աւետիսեանի  «Վերջին Բնակիչը» Ֆիլմի  Պատրաստման  Աշխատանքներուն

 Լիբանանցի  Տանիէլ Շըտիտ   Հայաստան գալով մասնակից դարձած է հայրենի  բեմադրիչ  Ճիվան Աւետիսեանի «Վերջին Բնակիչ»ը   ֆիլմի  նկարահանման  աշխատանքներուն:  Այս առթիւ «Արեւելք»   կարճ հարցազրոյց մը ունեցաւ    անոր հետ:

 «Երբ հոս գալու որոշում առի, կարդացի եւ հասկցայ, որ Ղարաբաղ գեղեցիկ բնութեամբ, առատ ջուր ունեցող երկիր է» «Արեւելք»ին ըսաւ    Տանիէլ Թընտիտ,  որ իբրեւ լուաւորութեան  մասնագէտ  կը մասնակցի  հայրենի  բեմադրիչ   Ճիվան Աւետիսեանի  «Վերջին բնակիչ»ը   ֆիլմի  նկարահանման աշխատանքներուն:  Շըտիտ  նաեւ յայտնեց, թէ ինք  Հայաստան  եկած է  համալսարանի իր դասախօս ՝ Յակոբ Տէր-Ղուկասեանի   առաջարկով   մասնակցութիւն բերելու համար  ֆիլմի  նկարահանման  աշխատանքներուն: Համալսարանական ուսանող Շըտիտ  նաեւ նշեց. «Այստեղ ճանչցայ հողը, ինծի համար պատիւ է հոս գտնուիլը, հաւանաբար Լիբանանի հայերէն շատեր հոս գտնուելու հնարաւորութիւնը չունին: Լեզուի որոշ  դժուարութիւններ ունիմ, անծանօթ եմ լեզուին: Անկասկած կարօտցած եմ իմ երկիրս, բայց շրջապատս մեծապէս օգտակար կ'ըլլայ  հարթելու բոլոր դժուարութիւնները»: Ան նաեւ ըսաւ, որ  տպաւորուած  է Հայաստանով  եւ շարունակեց.  «Տպաւորութիւնս  Հայաստանէն շատ  դրական  է: Մեծ փորձառութիւն ձեռք կը ձգեմ, կը ծանօթանամ նոր ճարտարուեստի, սինեմայի ոլորտին մէջ՝ նոր մտածելակերպի»: Խօսելով յառաջիկայ տարի     ցուցադրութեան  պատրաստ ըլլալիք ֆիլմին  մասին`  Շըտիտ ըսաւ՝  «Շատ գեղեցիկ ֆիլմ է, սակայն  ճիշդ պիտի չըլլար մանրամասն տեղեկութիւններ տալ    ֆիլմին մասին: