image

ԼՂՀ Նախագահ Բակօ Սահակեան Հարզազրոյց Տուած է Պէյրութի «Արարատ» Օրաթերթին

ԼՂՀ  Նախագահ Բակօ Սահակեան  Հարզազրոյց Տուած է  Պէյրութի «Արարատ» Օրաթերթին

Լեռնային Ղարաբաղի  հանրապետութեան  նախագահ Բակօ Սահակեան    բացառիկ   հարցազրոյց մը տուած է Պէյրութ հրապարակուող    «Արարատ» օրաթերթին: Նախագահը   խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի   քաղաքական ընդհանուր դրութեան մասին    իրավիճակը գնահատած է  բնականոն: Նախագահը այս առումով  ըսած է,«Արցախի մէջ  ընդհանուր առմամբ, կը պահպանուի  քաղաքական պայքարի քաղաքակիրթ մթնոլորտը, եւ քաղաքական դաշտը ներկայացնող ուժերու բացարձակ մեծամասնութիւնը կը գործէ փոխադարձ հանդուրժողականութեան ու յարգանքի սկզբունքով: Եւ սա կապուած է  ոչ միայն թշնամիի կողմէ չդադրող սպառնալիքի առկայութեան, այլեւ արցախցիներու բնաւորութեան հետ»:  Արցախի  նախագահը նաեւ կարեւորութեամբ շեշտած է Սփիւռք- Հայաստան- Արցախ եռամիսութեան կապին կարեւորութիւնը նկատել տալով , որ այս   եռամիսութիւնը մեր ժողովուրդի յաղթանակի    միակ երաշխիքն է:  Ան  այս առումով ըսած է «Սփիւռքի մասնակցութեանը՝ Արցախի կեանքին, ապա Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը մեր պետականաշինութեան հիմքն է: Կը կարծեմ` ասով ամէն ինչ ըսուած է»: Ինչ կը վերաբերի Արցախ      հաստատուող  սուրիահայերու խնդրին  Արցախի նախագահը ըսած է՝ «Արցախի մէջ ապաստան գտած  են  քանի մը տասնեակ սուրիահայ  ընտանիքներ: Արցախը անոնց ընդունած  է իր հարազատ զաւակներուն պէս, եւ այլ կերպ ուղղակի հնարաւոր չէ, որովհետեւ անոնք եկած  են իրենց հայրենիքը: Այդ մարդիկ արդէն ամբողջութամբ համակերպած են  մեր հասարկութեան հետ եւ իրենց ապագան կը տեսնեն Արցախի մէջ»: