image
Հրատապ լուրեր:

Խաչքարերը Անուանում Չեն Ունենում.Արտակ Ղուլեան

Խաչքարերը  Անուանում Չեն Ունենում.Արտակ Ղուլեան

 «Խաչքարերը արեւմտեան հայաստանի Դէրջանի Ապրանից վանքի նշանաւոր երկու խաչքարերն են, Հայաստան աշխարհում ամենահզօրները:»  «Արեւելք»ին ըսաւ  Արտակ Ղուլեան: Ղուլեան , որ հեղինակն է օրերս Սուրբ Էջմիածնի  տարածքին  մէջ  բարձրացուած երկու մեծադիր խաչքարերուն նաեւ  յայտնեց,թէ «Տ. Գարեգին Բ.ն Վեհափառ հայրապետի  միտքն էր այդ երկու խաչքարերը կրկնօրինակուած ունենալ Էջմիածնի մէջ, որպէս խորհրդանիշը եղեռնի եւ հայրենազրկութեան, նուիրուած եղեռնի սրբադասուած զոհերին:  Ասեմ նաեւ, որ Խաչքարերի լուանկարները տրամադրել է լուսանկարիչ Հրայր Բազէն»:   Չինաստանէն բերուած երկու մարմարէ քարերու վրայ խաչքարերու գծագրութիւնը ճշգրտօրէն վերականգնած   Ղուլեան  նշեց, որ խաչքարերերը  12 եւ 13րդ դարերու արձանագրութիւններ ունին: «Շատ մեծ խորհուրդ կայ այդ խաչքարերու մէջ, անոնք պիտի յիշեցնեն մեր կորուստեալ զոհերի, ուժի ու արդար պահանջի մասին» ըսաւ ան յարելով, որ «Խաչքարերի արձանագրութիւններէն դատելով անոնք նուիրուած են փրկչին, սովորաբար խաչքարերը անուն չեն ունենում, կարելի է անուանել տէրունական խաչ, նուիրատուական արձանագրութիւն, անոնք կանգնեցուած են փառաբանելով տիրոջ զօրութիւնը եւ խնդրելով Յիսուսի միջնորդութիւնը, բարեխօսութիւնը»:Լուսանկարը ՝ «Արեւելք»ի: