image

Կարօ Փայլանի հետ բռնութեան ենթարկուած է նաեւ Հրանդ Տինքի որդին

Կարօ Փայլանի հետ բռնութեան ենթարկուած է նաեւ Հրանդ Տինքի որդին

Շաբաթ օր Պոլսոյ Կալաթասարա շրջանին մէջ տեղի ունեցած դէպքերու ժամանակ ոստիկանութիւնը բռնութիւն գործադրած է նաեւ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի եւ պոլսահայ լրագրող Արաթ Տինքի՝ Հրանդ Տինքի որդիի հանդէպ (լուսանկարի մէջ): Այդ մասին տեղեկութիւն ստացանք Պոլիսէն, ուր 1995թ. մայիսէն սկսած իւրաքանչիւր շաբաթ օր Պոլսոյ Կալաթասարա շրջանին մէջ բազմաթիւ  կանայք նստացոյց կատարեցին՝ պահանջելով տեղեկութիւններ տրամադրել իրենց որդիներու, ամուսիններու մասին, որոնք անհետ կորած են ձերբակալութիւններէն ետք: Տարիներու ընթացքին անոնց միացած են նաեւ տղամարդիկ:  Նստացոյց ընողներու խումբը Թուրքիոյ մէջ յայտնի է «Շաբաթ օրուայ մայրեր» անուանումով: Անոնց նստացոյցը վերածուած է շարժման, որ ոստիկանութիւնը ամէն կերպ փորձած է  ճնշել: 

 

«Տոքուզ հապերի» փոխանցմամբ, հերթական բողոք-նստացոյցի ժամանակ ոստիկանները կանանց բռնութեամբ հեռացուցած են տարածքէն, ոմանք ձերբակալուած են: «Շաբաթ օրուայ մայրեր»  շարժման 700-րդ հաւաքի  ժամանակ հրապարակի վրայ եղած են նաեւ Կարօ Փայլանը, ընդդիմադիր այլ պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ լրագրողներ: Ոստիկանութիւնը ոլորած է անոնց ձեռքերը եւ միայն Կարօ Փայլանի յայտարարութենէն ետք ազատ արձակած են պատգամաւորները: Կարօ Փայլանը ոստիկաններուն ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ օր մը իրավիճակը պիտի փոխուի, եւ անոնք այլեւս պիտի չի կրնան բռնութիւն գործադրել: