image
Հրատապ լուրեր:

Կարօ Փայլան «Նախ, ներողութիւն խնդրեցէ՛ք»

Կարօ Փայլան «Նախ, ներողութիւն խնդրեցէ՛ք»

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան այցելեց Տիգրանակերտի Սուր շրջանը, ուր քանի մը տարի փակ մնացած էր թուրք-քրտական բախումներուն պատճառով: Պատմական Սուր շրջանի Ալիփաշա թաղամասին մէջ կը գտնուի Ս. Սարգիս կաթողիկէ հայկական եկեղեցին:

Փայլան նշեց, որ թէեւ Սուր շրջանը թուրք-քրտական բախումներէն ետք մեծ մասամբ քանդուած վիճակի մէջ է, բայց Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը կ՛ուզէ հոն կազմակերպել ձեռնարկ մը, որուն պիտի հրաւիրուին նաեւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն պատգամաւորներ:

Այս առիթով, դիմելով նախարարութեան` Փայլան ըսաւ. «Սուր շրջանը քանդողները կ՛ըսեն, թէ Սուրը պիտի դարձնեն Թոլիտօ (Սպանիոյ յայտնի զբօսաշրջային վայրերէն մէկը): Ի՞նչ ըրած էք, որ ինչ ցոյց տաք: Փոխարէնը կառուցած էք անհասկնալի շէնքեր, զորս ներկայացնելու փոխարէն, պէտք է ամչնաք: Նախ ներողութիւն խնդրեցէք Տիգրանակերտի բնակիչներէն` հայերէն, քիւրտերէն եւ ասորիներէն»:

Յիշեցնենք, որ Ս. Սարգիս եկեղեցին նաեւ գանձ որոնողներու թիրախը դարձած է, որուն պատճառով արդէն իսկ կիսաւեր եկեղեցին կը գտնուի ամբողջութեամբ ոչնչանալու եզրին:

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Փայլան կը ներկայացնէ Տիգրանակերտը։

 

Աղբիւրը՝ «Էրմէնիհապէր»