image
Հրատապ լուրեր:

«Կարմիր խաչ»ը այցելած է Պաքուի մէջ եղող հայ գերիներուն

«Կարմիր խաչ»ը   այցելած է  Պաքուի մէջ եղող հայ  գերիներուն

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները 23 սեպտեմբերին հնարաւորութիւն ունեցած են այցելել այս տարուայ սեպտեմբերին հետեւանքով Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած հայերուն։

Հայաստանի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար՝ Զառա Ամատունին ըսաւ, որ գերիները կապ հաստատած են իրենց ընտանիքի անդամներուն հետ։  

Ան տեղեկութիւններ չյայտնեց Ատրպէյճան պահուող հայերու թիւին մասին։ Ամատունին այդ բացատրեց անով, որ նման տուեալները գաղտնի են։ 

Աւելի վաղ, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի մէջ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ, փաստաբան՝ Սիրանուշ Սահակեան ըսած էր, որ 13 սեպտեմբերին ատրպէյճանական կողմի յարձակումի հետեւանքով գերեվարուած հայերու թիւը մօտ 20-ն է, բայց փաստերու հաւաքագրումը կը շարունակուի։